2015-09-15 09:30:00

Տը Միսթուրա` «Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան կարելի է վերջ տալ միայն քաղաքական ճամբով»


Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրա շեշտեց. «Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան կարելի է վերջ տալ միայն քաղաքական լուծումի մը գոյացման ճամբով»:
Ան յայտնեց, որ պէտք է Սուրիոյ մէջ հասնիլ քաղաքական լուծումի մը, որ կը պահպանէ պետութեան հաստատութիւնները` «կանխարգիլելու համար Լիպիոյ մէջ պատահածին կրկնութիւնը»:
Ան նշեց, որ Սուրիոյ մէջ տագնապին ռազմականացման կարելիութիւնը աւելի մեծ է, քան քաղաքական լուծում գտնելու ջանքերը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.